Աղբյուր
Կոմիտաս, երկերու ժողովածոյ, հատ. X, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատ., Երևան, 2000։
«Սասնայ ծռեր» էպոսը բաղկացած է չորս ճիւղէ` չորս մասէ, եւ իւրաքանչիւր մասը կը վերաբերի մէկ սերունդի: էպոսի իւրաքանչիւր մաս կը սկսի «Օղորմիներով», այսպէս նախ կը յիշեն այդ ճիւղի հերոսները, կը թուարկեն անուն առ անուն: «Օղորմիները» կ՚երգեն նաեւ իւրաքանչիւր ճիւղի աւարտէն ետք: